2014-10-21 11:43:03

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը վերադարձաւ Լիբանան։


(Ռ.Վ. 21 հոկտեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2014-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս - պատրիարքը, Հռոմէն մեկնելով վերադարձաւ Լիբանան։
Հռոմ կեցութեան ընթացքին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մասնակցեցաւ ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները, աւետարանութեան շրջագիծէն ներս'' նիւթով եպիսկոպոսական արտակարգ Գ սիւնհոդոսին, որ գումարուած էր Վատիկանի մէջ 5 – 19 հոկտեմբեր 2014։
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս - պատրիարքը ապա 20 հոկտեմբերիկն, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրաւէրով, մասնակցեցաւ Վատիկանի մէջ կայացած Կարդինալական վեհաժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակը։
Նշենք նաեւ թէ Հոգեւոր Տէրը` Կիրակի, 19 հոկետմբերին, ի շարս բոլոր միւս սիւնհոդոսական հայրերուն, սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ, մասնակցեցաւ սիւնհոդոսի եզրափակիչ արարողութեան որուն ընթացքին Ֆրանչսկոս Պապը երանելի հռչակեց երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետը ։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այս առթիւ երկարաշունչ հարցազրոյց մը ունեցաւ Վատիկանի Ձայնասփիւռի հայկական բաժնին հետ, որուն ընթացքին անդրադարձաւ վերոյիշեալ ժողովներու մասին։
RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.